2013-07-25 14:26:30

Ս. Աթոռը Կը Դատապարտէ Սուրիոյ Անհանդուրժելի Կացութիւնը` Ժողովուրդին Տառապանքը Դարձած Է Անտանելի։


Միջին Արեւելքի բաց բանակցութեան ընթացքին, Վատիկանի մնայուն դէտը ՄԱԿին մօտ` գերապայծառ ֆրանսիս Շուլլիքադ խօսք առնելով 23 յուլիսին խնդրեց որ միջազգային հասարակութիւնը անյապաղ իր միջամտութիւնը բերէ վերջ տալու Սուրիոյ ժողովուրդին անհանդուրժելի կացութեան, որ առարկայ է անտանելի տառապանքին։ Վատիկանի դիւանագէտը յատկապէս դատապարտած է սուրիական ընդհարումին քանդիչ անդրադարձը քրիստոնեաներու վրայ։ Երկարաշունչ ճառին մէջ Վատիկանի դիւանագէտը հաստատեց որ անհանդուրժելի կացութիւնը մեզմէ կը պահանջէ անմիջական կարգադրութիւններ, օգնութեան հասնելու աւելի քան 1,8 միլիոն փախստականներուն, որոնք այսօր անվտանգութիւն եւ անդորրութիւն գտած են հիւրընկալ դրաձի երկիրներուն մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.